Պոլսոյ Պեշիկթաշի ծանր յանցագործութիւններու դատարանէն ներս անցնող շաբաթավերջին իրագործուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 23-րդ դատական նիստը: Ամբողջ օրը ելոյթներ ունեցան Տինքի ընտանիքի շահերը ներկայացնող փաստաբանները։
«Հրանդի ընկերներ» անունը կրող նախաձեռնութեան անդամները, ինչպէս ամէն անգամ, դարձեալ մեկտեղուեցան դատարանին առջեւ եւ հանդէս եկան մամլոյ հաղորդագրութեամբ: Գրութիւնը ընթերցող Վանի քաղաքապետի տիկինը՝ Գիւլթեն Քայան, ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած ժամանակահատուածին դիտել տուաւ,որ եթէ նոյնիսկ 95 տարի անցնի, ապա այս համբերատար պայքարը պիտի շարունակուի։
Դատական նիստէն առաջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցեցան Տինքի ընտանիքի անդամները, մտաւորականներ, խորհրդարանի ընդդիմադիր «Ժողովրդային¬հանրապետական կուսակցութեան» պատգամաւորները։