ՔԱԹԱՐ
Բոլորէն ուշ, սակայն Քաթարի փոքրիկ հայ համայնքն ալ հաւաքի պիտի ձեռնարկէր ոգեկոչելու համար հայկական ցեղասպանութեան 97-րդ ամեակը։
Ազգային Վարչութեան հովանաւորութեամբ Ղուպթի համայնքի եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած հանդիսութիւնը անգամ մը եւս կու գար մարդկային արդարութիւն պահանջելու մարդկութեան դէմ գործուած անարգ ոճիրին համար, որուն որպէս արդիւնք հայեր՝ սփիւռքէ սփիւռք թափառելով այստեղ հասած են, սակայն եւ այնպէս կրկին հաւաքուած հայօրէն շարունակելու իրենց կեանքը ու այդ հաւաքին ընդմէջէն յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու հայ ըլլալու մեղադրանքով ինկած 1.5 միլիոնէ աւելի նահատակներուն։
Օրուայ բանախօս՝ Տիար Ռաֆֆի Տուտաքլեան իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ հայկական ցեղասպանութեան նախօրեակին հիւանդ մարդու կերպարանք ստացած Օսմանական կայսրութեան ու անոր լուծին տակ ապրող փոքրամասնութիւններու իրավիճակին մասին։ Ան նաեւ ներկայացուց ցեղասպանութեան արդիւնքները շեշտելով պահանջատէրի մեր կեցուածքը պահելու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիսութեան հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատու՝ Ընկ. Կիրօ Մանոյեանը, որ քաջալերելով օրուայ ձեռնարկը հաստատեց, թէ նորակազմ այս համայնքին կատարած հաւաքը ինքնին Թուրքիոյ ուղղուած ապտակ մըն է ըսելու, թէ տակաւին հայեր, ուր որ ալ գտնուին անտարբեր կամ զիջող չեն կրնար ըլլալ, իրենց ազգային գոյութեան հարուածող բոլոր փորձերուն հանդէպ։
Գարօլին Մսրիէ - Սերոբեան
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Ջահերով երթ Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի ժամը 20ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակը ոգեկոչող ջահերով երթը, համայնքի երիտասարդական միութիւններու կազմակերպութեամբ։ Երիտասարդներու հրաւէրով, ժողովուրդը համախմբուեցաւ Իրաւաբանութեան Համալսարանի շէնքի մուտքին առջեւ, ուրկէ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն։ Քայլարշաւի ժամանակ, մինչ երիտասարդները բարձրախօսերով կ’արտասանէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող խօսքեր ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջատիրական լոզունգներ, ազգային երգերու ընկերակցութեամբ, մասնակիցները կը պարզէին պաստառներ ու Հայաստանի, Արցախի եւ Արժանթինի դրօշակներ։
Երբ թափօրը հասաւ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, տեղւոյն վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակման ձեռնարկ մը, որու ընթացքին նշուեցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Արժանթինեան օրէնքներն ու դատական վճիռները։ Երգուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արժանթինի քայլերգները, որմէ ետք խօսք առաւ Տ. Առնակ քհնյ. Յարութիւնեան։ Նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելով, ան իր յուզիչ ներկայացումը եզրափակեց «Հայր Մեր» աղօթքով, ներկաներու ընկերակցութեամբ։
Ապա մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ 1915/23 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակ զոհերուն յիշատակը։
Կազմակերպիչ երիտասարդներուն պատգամը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Նալպանտեան, որ իր պահանջատէր ու եռանդուն գաղափարներով խրախուսեց ներկաներուն ու հարցեր ուղղեց Թուրքիոյ դեսպանին, վերահաստատելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարը։
Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանեց Պուէնոս Այրէս Քաղաքի երեսփոխան Էտկարտօ Ֆորմ, որ ի մասնաւորի կոչ ըրաւ պատմութիւնը միշտ վառ պահելու հրամայականի կարեւորութեան, իր անկեղծ աջակցութիւնը յայտնելով Արժանթինի հայ համայնքի հանդէպ։
Վերջաւորութեան կարդացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման առիթով հրապարակային անձնաւորութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառավարական ներկայացուցիչներու կողմէ ուղարկուած գրութիւնները, ու ձեռնարկը եզրափակուեցաւ մինչ երիտասարդները բարձրախօսով կ’արտայայտէին հայ ազգին պահանջներն ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականը, ազգային եղանակներու ու պահանջատիրական երգերու ընկերակցութեամբ։
Սողոմոն Թեհլիրեանի դատի արձանագրութիւններու
«Պատմական դատավարութիւն մը» գիրքի սպաներէն
թարգմանութեան ներկայացում
Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակի յիշատակման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի 38րդ Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսի ընթացքին, պատմաբան Օսվալտօ Պայէր եւ Արժանթինի Գերագոյն Ատեանի անդամ՝ դատաւոր Ռաուլ Սաֆարոնի ներկայացուցին ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի դատի արձանագրութիւններու «Պատմական դատավարութիւն մը» գիրքի սպաներէն թարգմանութիւնը։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ ի միջի այլոց նշեց թէ հայ ազգը կարիքը ունեցած էր Նիւրէմպէրկի նման միջազգային դատավարութեան մը, յանցագործ պետութիւնը դատապարտելու համար, ու աւելցուց թէ հայութիւնը մինչեւ օրս զոհ կը մնայ 1915/23 թուականներուն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, տրուած ըլլալով որ Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդը տակաւին անպատիժ կը մնայ, այդ ուղղութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբերու հիմնական նպատակներէն մէկը ըլլալով ժխտողականութեան դէմ պայքարը։
Ապա խօսք առաւ պատմաբան Օսվալտօ Պայէր, որ հաստատեց թէ հայ ազգի պայքարը հիանալի օրինակ մըն է համայն մարդկութեան համար։ «Թուրքերը չեն ընդունիր իրենց յանցանքը, ինչ որ նաեւ պատահած էր նացիներու պարագային, հրեաներու դէմ գործադրուած կոտորածի նկատմամբ։ «Պատմական դատավարութիւն մը» գիրքի վկայութիւնները կը ցոլացնեն 1921 թուականի գերմանական արդարութեան քաջութիւնը, որու հետեւանքը եղաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի անմեղութեան վճիռը», յայտնեց ան, աւելցնելով թէ «անհաւատալի կը թուին գերմանացի վկաներուն վկայութիւնները»։
Փրոֆ. Պայէր նոյնպէս յիշեց լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, եզրակացնելով թէ այդ ոճիրի մտաւորական հեղինակները մինչեւ օրս տակաւին անպատիժ մնացած են։
Իր կարգին, Արժանթինի Գերագոյն Ատեանի անդամ՝ դատաւոր Ռաուլ Սաֆարոնի նշեց, թէ «աշխարհի ներկայ կացութիւնը ճիշդ առիթը կը ստեղծէ այս վկայութիւններու ընթերցման համար։ Նմանօրինակ դատերը քիչ են, մանաւա՛նդ ուր այսպիսի անկողմնակալ դատարանի մը առջեւ կը գտնուինք», ու յիշեց Պենիթօ Մուսոլինիի մահուան հետեւանքներու դատապարտումը, որ ուշացած դատական մը նկատեց «պատերազմի արարք»։ «Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Թեհլիրեանի բերանացի դատը ցոյց կու տայ օրինակելի դատավարութիւն մը», աւելցուց ան, նոյն ժամանակ կարեւորելով ատեանի նախագահի դերակատարութիւնը։ Սաֆարոնի շեշտեց թէ այս գիրքի ընթերցման որպէս հետեւանք ինքզինքը պարտաւոր կը զգար հաստատելու, թէ «մարդկութեան դէմ իրենց ոճիրներու էութեան պատճառով, ցեղասպանութեանց յանցաւորները արդարութեան շրջանակէն դուրս կը մնան։ Ամբողջ հարցականները ոճրագործներուն փոխարէն կը կեդրոնանան զոհերուն վրայ։ Իրաւաբանութիւնը անզօր կը գտնուի ազատարար մը դատապարտելու ժամանակ, երբ նախապէս չէ դատապարտուած ցեղասպանութեանց յանցաւորները։ Եւ քանի որ նախապէս աշխատանք չէ տարուած զանոնք դատապարտելու, հարց կը տրուի թէ ի՞նչ ձեւով կարելի է արդարութիւն գործադրել»։ Դատաւորը շարունակեց ըսելով թէ «մարդկութեան դէմ ոճիր գործած ըլլալուն որպէս հետեւանք, ցեղասպանը իրաւական համայնքէն դուրս մնացած կ’ըլլայ։ Առ այդ, իրաւաբանութիւնը կարողութիւն չ’ունենար նման պարագաներու վրայ, մանաւա՛նդ որ էթիքական իր ուժը կորսնցուցած կը թուի։ Այդ պատճառով, հարկ է ցեղասպանը ետ բերել դէպի իրաւական բեմ», եւ եզրակացուց թէ այդ պարագաներուն հիմնական է յանցաւորները դատական ատեաններուն առջեւ տանիլ։
Ներկայացման ընթացքին, մեծ պաստառի վրայ տեսաերիզներով ցուցադրուեցան դատաւոր Գարլոս Ռոսանսքիի պատգամը՝ որ վերյիշեց Հիթլէրի այդ խօսքը ուրու համաձայն Թուրքիոյ անպատժելիութիւնը արդար օրինակը դարձաւ հրեաները ոչնչացման ծրագիրը գործադրելու համար, ինչպէս նաեւ դատաւոր Տանիէլ Ռաֆէքասի խօսքը՝ որու համաձայն այս արձանագրութիւնները կը փաստեն հայ ազգի հանդէպ մինչեւ օրս չգոյացած արդարութիւնը, հաստատելով թէ «այս գիրքը վստահաբար կրնայ օգտակար դառնալ նմանօրինակ նոր դէպքեր նախատեսելու»։