Անցեալ ամսուան սկիզբը լոյս տեսաւ «Արմինինըն Րիվիու»ի վերջին թիւը։ Երկար տարիներու ոչ-թեմատիկ սովորութենէն հեռու մնալով, «Րիվիու»ի այս թիւը երկու թեմատիկ թիւերէ ետք լոյս կը տեսնէ եւ կը ներառէ չորս գիտական յօդուածներ, մի քանի գրախօսականներ եւ վերլուծականներ։


Վերջին թիւին բացումը կ'ընէ Արա Սանճեանի քննարկումը, որ կ'անդրադառնայ պատմաբաններուն մարտահրաւէրներուն, սահմանափակումներուն եւ հնարաւորութիւններուն, երբ խորին հետազօտութիւններ կ'իրականացնեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) մասին։ Գրութիւնը կÿանդրադառնայ գիտնականներու համար նիւթերու սահմանափակումին, ըլլան անոնք գիտական հետազօտութիւններ, թէ անձնական յուշագրութիւններ։ Յատկապէս նշուած է արխիւային նիւթերու հասանելիութեան անհրաժեշտութիւնը, որ հնարաւորութիւնը պիտի տայ գրելու եւ գնահատելու ՀՅԴ պատմութիւնը, յատկապէս 1924 թուականէն ասդին՝ Սփիւռքի իր գործունէութիւնը։
Պետրոս Տէր Մաթոսեանի հեղինակութեամբ այլ գրութիւն մը՝ Երուսաղեմի հայոց պատրիարքարանի արխիւային նիւթերու համապարփակ հետազօտութիւնն է։ Հակիրճ նկարագրում մը կատարելէ ետք, թէ ո՞ր վայրերուն մէջ կը գտնուին անոնք, գրութիւնը մանրամասնօրէն կ՞անդրադառնայ պատրիարքարանին մօտ գտնուող արխիւային նիւթերուն։ Տէր Մաթոսեան ապա արխիւները կը ներկայացնէ հիմնուելով ենթա-թեմաներու եւ թուականներու վրայ։ Այս առաջին հրապարակային քննութիւնն ու վերլուծութիւնն է Երուսաղեմի պատրիարքարանի մօտ գտնուած Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած նիւթերուն։
Երրորդ յօդուածը համատեղ աշխատանք մըն է Քէյթի Է. Փիրսի, Հաուարտ Կիլզի, Քրիսթոֆըր Հայէքի, Վալերի Պարքրի եւ Չարլզ Չօյի միջեւ ու հետաքրքիր համեմատական մըն է Հայաստանի հանրապետութեան եւ Ամերիկայի միացեալ նահանգներու քաղաքացիներու մօտեցումին մասին, իրենց համապատասխան ոստիկանութեան ուժերուն հանդէպ։ Հետազօտութիւնը ոչ միայն կը քննէ քաղաքացիներու վերաբերմունքը, այլ կը փորձէ նաեւ չափել յարգանքն ու վստահութիւնը, որ քաղաքացիները կը տածեն իրենց իրաւապահ մարմիններուն։ Գրութիւնը հիմնուած է մանրամասն տեսական շրջանակի վրայ եւ պատկերացում մը կու տայ իւրաքանչիւր երկրի մէջ հասարակութեան եւ իրաւապահ մարմիններու յարաբերութեանց մասին։
Չորրորդ գրութեան հեղինակն է Արմէն Պայպուրթեանի, ու գիտականհետազօտութեան մը եւ դիւանագէտի մը անհատական յուշերու միախառնումն է։ Ըլլալով Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը, ան անմիջականօրէն ձեւաւորած եւ հետեւած է երկկողմանի յարաբերութեանց ստեղծման։ Յօդուածը կարճ պատմական մը տալէ ետք, կը կեդրոնանայ Երեւանի եւ Նիւ Տելհիի համագործակցութեան շարունակաբար աճող մակարդակին վրայ. գրութեան մէջէն հանրութեան կը ներկայացուի նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիներու ռազմավարական որոշ առաջնահերթութիւնները։
Պէտք է նաեւ նշել, որ «Արմինիըն Րիվիու»ի թուայնացման աշխատանքը ընթացքի մէջ է, եւ արդէն այս աշխատանքի նախնական փուլերը աւարտած են։ Անկիւնադարձային է աղբիւրներու հարստութիւնը որ հաւաքուած է վաթսուն տարիներու թիւերու մէջ։ Եւ քանի կը մօտենայ  65ամեակը, «Րիվիու»ի խմբագրական կազմը իր նուիրուածութիւնը կը հաստատէ նման արդիւնաւէտ ապագայի մը համար։ Աջակցելու համար եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմեցէ՛ք խմբագրին This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.
Տարեկան բաժանորդագրութեան սակն է ԱՄՆ 30 տոլար անհատներու համար եւ ԱՄՆ 60 տոլար հաստատութիւններուն համար՝ ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ Միացեալ նահանգներէն դուրս՝ 35 եւ 70 Ամն տոլար։
Բաժանորդագրութիւնները կը կատարուին կայքէջին միջոցով։ Բոլոր բաժանորդագրութեան, ապսպրանքի եւ նորոգման հայցերը պէտք է ուղղուին՝ Armenian Review, Inc., 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012 Իմէյլով This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. կամ հեռաձայնելով  (617) 926-4037: