Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Շաբաթ,

21 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Երաժշտական երեկոյ՝ կատարողութեամբ Աթէնքի ակադեմիայի «Էլենի Միքոնիու» մրցանակակիր դաշնակահար Քրիսթին Թոքաթլեանի:
Համերգի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Ներսէս Պաղտոյեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ երեկոներ լաւագոյն առիթներն են քաջալերելու հայ արուեստագէտները եւ ըմբոշխնելու երաժշտութիւնը:
Պաղտոյեան ըսաւ, որ երաժշտական այս երեկոյին նպատակն է երաժշտու- թեան ընդմէջէն յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Քրիսթին Թոքաթլեան, որ առաջին բաժինով նուագեց Կոմիտասի, Յարութիւնեանի եւ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն, իսկ երկրորդ բաժինով արուեստագէտը ներկայացուց Պաղտասարեանի, Արիստակէսեանի եւ Յարութիւնեանի գործերէն:
Քրիսթին Թոքաթլեանի կատարումները արժանացան երաժշտասէր հանդի- սատեսներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Երաժշտական երեկոյի աւարտին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանա-                      կան եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. տոքթ. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով փակուեցաւ դաշնակի իւրայատուկ համերգը: