Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերը յաղթական շաբաթավերջ մը եւս արձանագրեցին՝ շրջանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ համախմբելով բիւրաւոր մարզիկ-մարզկուհիներ, բարձր գնահատանքի արժանանալով մարզասէր հասարակութեան կողմէ:

Տագնապալի աստիճաններու հասած է եւրոպական տնտեսական ճգնաժամը, Սպանիոյ դրամատուներուն ի նպաստ փրկարարական նախաձեռնութիւններէն հազիւ 24 ժամ յետոյ:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ Է
ՔՆԵՍԵԹԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Իսրայէլի Քնեսեթի ընդլայնուած նիստին ընթացքին երէկ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան  հարցը: Իսրայէլացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Քնեսեթի անդամ Զէեւ Էլքին PanArme-nian.net կայքէջի թղթակիցին խօսելով  յայտնեց, որ «առանձնապէս նիստին  ընթացքին ոչ մէկ նոր բան ըսուած է»:

Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, Անթիլիասի  մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ՀԱՅ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍը:

Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահը արտօնութիւն տուած է այսօր կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային քննարկումը։