Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան - Կիրակի 3 Յունիս 2012-ին, Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Գոհաբանական Մաղթանք, Հայաստանի Անկախութեան 94-րդ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով:

«Հայր Մեր»էն առաջ, նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի, ընթերցուեցան յատուկ աղօթքներ, Սուրբ Գրային հատուածներ, որոնք ազգերու համերաշխութեան ու մարդոց միջեւ հաշտութեան օրինակներ կը ներկայացնեն:
Ապա, Հ. Մ. «Արարատ» Կազմակերպութեան սկաուտներու կանոնաւոր շարքերով, եկեղեցւոյ մուտքէն մինչեւ խորան առաջնորդուեցաւ հայրենիքի եռագոյն դրօշը, եւ համաձայն մեր հայ- րերու հաստատած կանոններու, կատարուեցաւ անոր օրհնութիւնը: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարող «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի, այնուհետեւ քառաձայն երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը, ժողովուրդի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Գոհաբանական Մաղթանքի աւարտին, Հայր Սուրբը տուաւ իր պատգամը, վեր առնելով 1918  թուականի Մայիս 28-ով կերտուած առաջին անկախութեան կարեւորութիւնը մեր ազգի ժամանակակից պատմութեան ընթացքին: Ապա, Հայր Սուրբը իր խօսքի մէջ վեր առաւ նահատակութեան իմաստը, երբ հայրենիքի ապահովութիւնն է խնդրոյ առարկայ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ, Սարդարապատեան մարտերու ընթացքին զոհուած բոլոր ազատամարտիկներկԼ հոգիներուն համար:

ՈՒՐՄԻԱ - Մայիս 28ի անկախութեան փառատօն Ուրմիայի մասնաճիւղին մէջ

Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան - Ուրբաթ 1 Յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի, եւ Ուրմիայի Հ.Մ. «Արարատ»ի կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան փառատօն, նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 94-րդ տարեդարձին:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան թեմի Պատգամաւորական Ժողովի անդամներ, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան, Խորհուրդի անդամներ, Ազգային բարերար Էդիկ Մէջլումեան, ազգայիններ եւ մեծաթիւ հանդիսականներ:
Ազգային վառ ապրումներով եւ հայրենասիրական զգացումներով տեղի ունեցան երգերու եւ ասմունքներու ելոյթներ: «Արարատ»ի երիտասարդական նուագախումբը մէկ ու կէս ժամ անընդհատ ներկայացուց յայտագիրը, ազգայնաշունչ մթնոլորտ պարգեւելով հանդիսականներուն:
Հայր Սուրբը փառքը ընծայելով Հայաստանի անկախութիւնը 94 տարիներ առաջ կերտած անմահներուն, պատիւ ընծայեց երեկոն կազմակերպող միութեան՝ «Արարատ»ին, եւ յատկապէս այն երիտասարդներուն, որոնք քով-քովի գալով, տքնաջան աշխատանքով պատրաստած էին օրուան յայտագիրը: Կաթողիկոսական փոխանորդը պատմութեան անցքերը վերլուծելով ըսաւ, թէ մէկ դարու պատմութեան մէջ Աստուած մեր ժողովուրդին առիթ ընծայեց երկու անգամ անկախութիւն ունենալու: