Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերը յաղթական շաբաթավերջ մը եւս արձանագրեցին՝ շրջանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ համախմբելով բիւրաւոր մարզիկ-մարզկուհիներ, բարձր գնահատանքի արժանանալով մարզասէր հասարակութեան կողմէ:
Շաբաթ, 16 Յունիսին, «Պըրմինկհամ»ի լողաւազաններուն մէջ տեղի ունեցան լողի մրցումները:
Կիրակի, 17 Յունիսին, Glendale Sports Complex-ի մարզադաշտերուն վրայ սկիզբ պիտի առին ֆութպոլի բոլոր դասակարգերու մրցումները, իսկ «Պըրմինկհամ»ի մարզադաշտին վրայ՝ թեթեւ աթլեթի՝ բոլոր տարիքի եւ բաժանումներու մրցումները:
Մարզական այս մրցումներուն առիթով, Նաւասարդեան յաղթանակները յատկանշող զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպուին՝ համախմբելով ոչ միայն ՀՄԸՄական հազարաւոր մարզիկ-մարզկուհիներ, այլ նաեւ շրջանի հայութիւնը, շարժելով նոյնիսկ հետաքրքրութիւնը ոչ հայ հասարակութեան: Այսպիսին են՝ յաղթանակի պարահանդէսը, ուր պաշտօնապէս տեղի պիտի ունենայ պատուոյ նախագահի եռագոյն երիզներու փոխանակումն ու «Տիպար ՀՄԸՄական-2012»ի պարգեւատրումը, հնգօրեայ փառատօն, մարզական մրցումներուն առընթեր: Չորեքշաբթի, 4 Յուլիսին Ամերիկայի Անկախութեան օրուան առիթով Մարզախաղերը պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8ին եւ փառատօնի գեղարուեստական ծրագիրին զուգահեռ պիտի շարունակուին մինչեւ կէս գիշեր: Փոքրիկները պիտի ունենան ձեռային աշխատանքի իրենց կրպակը, ուր արուեստագէտ ՀՄԸՄականներու օգնութեամբ գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ պիտի պատրաստեն:
Դարձեալ փառատօնի շրջափակէն ներս, մասնաճիւղերը պիտի ունենան իրենց ճաշի կրպակները եւ անձնապէս համադամ ճաշեր պիտի պատրաստեն ու հրամցնեն այցելուներուն:
Փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Յուլիսին: