Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, Անթիլիասի  մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ՀԱՅ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍը:


Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր, հոգեւորականներ, դպրեվանքի սաներ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ու գրասէրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի սաներէն Միքայէլ Ա. սրկ. Սարգիսեան եւ հայ հնատիպ գիրքին եւ մամուլին եզակիութեան մասին խօսեցաւ մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան:
Իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց վեհափառ հայրապետը, որ ըսաւ. «Այս ցուցահանդէսը երկու կէտ լուսարձակի տակ կը բերէ. առաջին, մեծարել Յակոբ Մեղապարտը եւ հայ գրականութեան բոլոր ժամանակներու գրիչները, դպիրները, հոգեւորականները, հրատարակիչներն ու ընթերցողները. երկրորդ, յիշել եւ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հայ գիրքը անտէր պէտք չէ մնայ: Գիրքը եւս մարդուն նման կը խօսի, կը զգայ, կու լայ եւ կը հրճուի»: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, թէ քանի մը օրեր առաջ ֆրանսերէն թերթին մէջ կարդացած էր ֆրանսացի գրողին մասին, ուր կ՛ըսուէր, թէ «մի՛ ձգէք, որ գիրքերը լան»: Նոյնը կրկնելով՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մի՛ ձգէք, որ այս գիրքերը լան: Այս գիրքերը փոշիներու մէջ պէտք չէ թաղուած մնան: Անոնք պէտք է բացուին, հրատարակուին, կարդացուին, այլ խօսքով կեանք առնեն, որպէսզի մեր կեանքին որակ, իմաստ ու նպատակ տան»: Ապա, գնահատելէ ետք ցուցահանդէսը կազմակերպած դպրեվանքը եւ այս առթիւ աշխատանք տարած  միաբաններէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած յանձնախումբը, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց՝ հաստատելով. «Այսպիսի ձեռնարկներ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնելու համար հայ մշակոյթին եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն կենսական դերն ու տեղը մեր հաւաքական կեանքին մէջ»:
Յայտնենք, որ այս առիթով հրատարակուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի հնատիպներու ցանկը ու բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Երկուշաբթի, 18 Յունիս 2012: