Տագնապալի աստիճաններու հասած է եւրոպական տնտեսական ճգնաժամը, Սպանիոյ դրամատուներուն ի նպաստ փրկարարական նախաձեռնութիւններէն հազիւ 24 ժամ յետոյ:

Սպանական պարտատոմսերու զիջումը աննախադէպ բարձր մակարդակներու հասած է, մինչ նոյն պահուն, Աւստրիոյ տնտեսութեան նախարարուհին Իտալիոյ ի նպաստ աջակցութեան մեքանիզմի դերակատարութիւնը կը կանխատեսէ:
Քրիսթին Լակարտի նախազգուշացումէն ետք, թէ եւրոգօտիի փրկութեան համար նուազ քան 90   օրուայ ժամանակը իր աւարտին կը հասնի, Գերմանիոյռազմավարութիւնը ոչ միայն կացութիւնը չէ հանդարտեցուցած, այլ մթնոլորտը սրած է:  ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի միջազմտութիւնը նոյնիսկ ընդունելի չէ եղած Պրիւքսելի եւ Պերլինի կողմէ, ինչ որ շատ յստակ դարձած է շուկաներու մէջ ճնշումներ յառաջացնող ուժերուն մօտ, որոնք քաղաքական մութ դաշտը եւ Գերմանիոյ անզիջող դիրքորոշումը  տեսնելով՝ աշխուժացուցած են Եւրոպայի հանդէպ  ճնշումները:
Քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչները եւ վերլուծաբանները կը նշեն թէ՝  եւրոգօտիէն ներս առկայ անհաւասարակշռութիւնները  հետզհետէ աւելի բարդ եւ անկայուն կը դարձնեն դաշտը:

Կրակին  վրայ՝  իւղ...

Եւրոպական տագնապի կրակին վրայ իւղ կուգայ  սրսկելու  Moody's ամերիկեան ընկերութիւնը, նուաստացնող 3 նիշի մակարդակին հասցնելով Սպանիան եւ Կիպրոսը, որոնք արդէն փրկարարական մեքանիզմի դրան առջեւ կը գտնուին: Սպանիոյ պարտատոմսերը «աղբ» որակաւորումէն հազիւ շունչ մը անդին կը գտնուին, տուեալ՝ որ անոնց զիջումի նոր ալիք պիտի ստեղծէ, երկրի փոխառութեան վարկերու համապատասխան յաւելումով:
Moody'sի այս նոր քայլը հետագայ անհանգստութիւններու եւ լուրջ մտահոգութիւններու նոր իրավիճակ  պիտի ստեղծէ, եւրոգօտիէն ներս յաւելեալ ճնշումներ գործադրելու առիթ տալով: