ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրո-պայի եւ Եւրասիայի հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն մասնակցած է «Ամերիկայի թուրքերու խորհուրդի» 31-րդ ժողովի բացման արարողութեան եւ իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական Sondakika կայքը, Ֆիլիփ Կորտըն նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանի համար շատ կարեւոր զարգացում պիտի ըլլայ: «Այս տարածաշրջանը ոչ թէ փակ սահմաններու եւ արգելքներու, այլ բաց սահմաններու եւ աւելի շատ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարիք ունի»,- ըսած է ան:
Կորտըն նշած է, որ խնդրի լուծման համար դեռ ժամանակ կայ եւ իրենք յոյս ունին, որ Թուրքիան արձանագրութիւնները վաւերացնելու ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկէ:
Կորտըն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թուրքիա խնդիրները կը հարթէ նաեւ Իսրայէլի հետ:
Անդրադառնալով Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, Կորտըն նշած է, որ երկու երկիրները բազմաթիւ հարցերու մէջ շատ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մէջ են:
Կորտըն յայտարարած է, որ Իրանի հարցով, եթէ նախապէս Թուրքիոյ հետ տարաձայնութիւններ եղած են՝ այժմ անոնք չկան եւ իրենք ամէն ինչ ըրած են‘ զանոնք հարթելու համար:
Ան նշած է, որ Իրանի հարցով ԱՄՆ-ը «դիւանագիտական» ճանապարհով եւ «ճնշումներ» ներառող մօտեցումներ ունին եւ գոհ են Թուրքիայէն՝ Իրանէն ուժանիւթային ներմուծման ծաւալները նուազեցնելու համար: