ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ Է
ՔՆԵՍԵԹԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
Իսրայէլի Քնեսեթի ընդլայնուած նիստին ընթացքին երէկ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Իսրայէլացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Քնեսեթի անդամ Զէեւ Էլքին PanArme-nian.net կայքէջի թղթակիցին խօսելով յայտնեց, որ «առանձնապէս նիստին ընթացքին ոչ մէկ նոր բան ըսուած է»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ հարցը արդէն փոխանցուած է Քնեսեթի կրթութեան ու մշակոյթի յանձնախումբի քննարկման:
«Այդ քննարկումը զուտ արարողակարգային էր, թեմաթիք: Ոչ մէկ նոր հարց Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ յառաջ պիտի քշուի, որովհետեւ նիստը ընդլայնուած է», դիտել տուած է պատգամաւոր Էլքինը:
Քննարկման նախաձեռնողը ընկերվարական Մերեց կուսակցութեան երեսփոխան Զահաւա Կալ-Օնն է, որ ստացած է Քնեսեթի նախագահ, Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Ռէուվեն Ռիվլինի աջակցութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ The Jerusalem post-ը Քնեսեթի նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ, զգուշացուցած է, որ հարցը պէտք չէ վերածուի թրքական կառավարութեան վրայ յարձակման: «Մենք բարոյական պարտաւորութին ունինք՝ յիշելու սպաննուած միլիոնաւոր հայերուն յիշատակը: Սակայն արգիլուած է քաղաքականացնել հարցը: Այդ ուղղուած չէ Թուրքիոյ ներկայ կառա-վարութեան դէմ: Մենք մեր ձայները պէտք է լսելի դարձնենք այն պարագաներուն, երբ այլ ազգեր թիրախ կÿընտրուին», ըսած է նախագահը:
Ռիլվին նշած է նաեւ, որ անոնք, որոնք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Հրէական հարցի կապակցութեամբ որոշում կայացուցին, կը մտածէին թէ աշխարհը պիտի լռէ, ինչպէս այդ մէկը պատահեցաւ հայերու պարագային: «Քնեսեթը չի կրնար արհամարհել այդ փաստը»,-ըսած է Ռիլսին:
Խորհրդարանական Զահաւա Կալ-Օնն իր կարգին կոչ ուղղած է ի վերջոյ ճանչնալ ցեղասպա-նութեան փաստը, նշելով թէ Հոլոքոսթէն վերապրած հրեաները պէտք է աւելի զգայուն ըլլան այլոց հանդէպ:
ՄԷԿ ՀՈԳԻ ՄԻԱՅՆ ԴԷՄ ԽՕՍԱԾ Է
Միակ պատգամաւորը, որ դէմ արտայայտուած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Ռոպերթ Տիբաեւն էր, որ նշած է, թէ նախընտրելի է հարցը պատմաբաններուն թողնել: