Սուրիահայերու հոսքը Հայաստան կը շարունակուի:  «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումին համաձայն, երէկ ուշ երեկոյեան «Արմավիա»-ի թռիչքով Երեւան հասան  150 սուրիահայեր եւս: Ժամանողները հիմնականին մէջ Հալէպէն էին:

Մինչ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մօտ քըննարկումի մէջ է  «Արմավիա»ի առաջարկը՝ Հալէպ-Երեւան-Հալէպ ուղղութեամբ յաւելեալ թռիչքներու իրականացման ու տոմսերու գինի նուազեցման կապակցութեամբ, սուրիահայութեան որոշ հատուած ժամանակաւորապէս Հայաստան կը հասնի:
«Արմավիա» հաղորդած է թէ այսօր Օգոստոս 1ին, ինչպէս նաեւ Օգոստոս 8ին, 15ին, 22ին եւ 29ին յաւելեալ թռիչքներ պիտի տրամադրուին՝ 108 տեղ ունեցող «Պոյինկ» մակնիշի օդանաւով: Այս պահի դրութեամբ տոմսակի գինը կը կազմէ 169. 278 դրամ (415 ամ. տոլար):