Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2012-ին աւարտեցաւ Համազգայինի ուսանողական 18- րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր համալսարանականները մօտէն ծանօթացան հայրենիքի կեանքին:
Անոնք այցելեցին թանգարաններ, Մատենադարան, Էջմիածին, Երեւանի պետական եւ Երեւանի Ամերիկեան համալսարաններ, Հայկական զինեալ ուժերու զօրամաս, Սուրբ Տիրամայրի Հայաստանի ճամբար, տեսան հայկական մշակութային կոթողները, յուշարձանները, եւայլն…:
Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին համախմբումի կրթական ծրագիրին. անոնք էին՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Հայկ Դեմոյեան, Թովմաս Պօղոսեան, Շահէն Խաչատրեան եւ Սամուէլ Կարապետեան: Հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու մասին դասախօսութիւններուն կողքին, ուսանողները առիթ ունեցան խորհրդակցելու կլոր սեղանի շուրջ, ուր սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եկող եւ Հայաստանի մէջ բնակող ուսանողներ՝ իրե՛նք քննեցին հարցերը զանազան դիտանկիւններէ:
Հաւաքի 14 օրերու ծրագիրին մաս կը կազմէին մշակութային ձեռնարկներն ու գեղարուեստական ներկայացումները, որոնց շնորհիւ ուսանողները գիշերային Երեւանը ըմբոշխնելու կողքին, հարստացուցին իրենց մշակութային պաշարը:
Ընկերական եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած 40 երիտասարդներ սերտ կապեր հաստատեցին իրարու հետ՝ անմիջական կերպով առնչուելով հայրենի կեանքին:
Համախմբումի ծրագիրը, օրական տեղեկութիւններն ու նկարները, ինչպէս նաեւ հաւաքի գործունէութեան մասին ուսանողներուն հրատարակած լրատուները տեղադրուած են Համազգայինի կայքէջին վրայ www.hamazkayin.com: