Լոնտոնի մէջ շարունակուող Ողիմպիատային   Հայաստանը ներկայացնող մարզիկները առայժմ որեւէ մրցանակի չեն արժանացած:
Հայաստանի 25 հոգինոց պատուիրակութեան անդամներէն հինգը արդէն դուրս  մնացած են մրցապայքարէն։


Մարզական մեկնաբանները դիտել կուտան, թէ իրապէս շատ մեծ ակնկալիքներ կարելի չէր ունենալ խումբին մասնակցող բոլոր մարզիկներէն. «Եթէ ասենք, որ ձախողուեցին՝ այսինքն շատ մեծ սպասելիքներ ունէինք, որոնք չկատարուեցին, այդքան էլ ճիշդ չի լինի։ Պարզապէս ե՛ւ ճիւտոիստները, ե՛ւ բռնցքամարտիկը ե՛ւ հրաձիգը լաւ մարզավիճակում էին եւ կարող էին յաւակնել մետալների եւ բարձր տեղերի», - «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ըսաւ մարզական մեկնաբան Աշոտ Յակոբեանը, որ նշեց, թէ անցած օրերու ամէնէն մեծ անակնկալը բռնցքամարտիկ Անդրանիկ Յակոբեանի ձախողումն էր։
Հայ լողորդները սպիտակ քարտերով կը մասնակցին ողիմպիականին եւ արդէն մեծ յոյսեր չկային՝ կապուած իրենց մարզաձեւին:
Երկու փորձառու ճիւտոիստներու ելոյթներուն, ըստ մարզական մեկնաբանի, խանգարեց յոգնածութիւնը՝ քանի որ չէին նախատեսած, որ առնուազն 6-7 մենամարտ պիտի կատարէին:
Ասկէ ետք աւելի  բարձր կը դառնայ Հայաստանի մարզիկներէն մետալներու ակնկալութիւնը, քանի որ մրցասպարէզ դուրս կուգան Հայաստանի համար աւանդական համարուող մարզաձեւերու՝  ծանրամարտի եւ ըմբշամարտի ներկայացուցիչները։
Հայ մարզիկներու ելոյթներու մասին

Անդրանիկ Յակոբեանը
պարտութիւն կրեց եւ դուրս մնաց Ողիմպիական խաղերէն

Ողիմպիական խաղերու բռնցքամարտի մրցաշարքին Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը՝ 75 կգ  հանդէս եկող Անդրանիկ Յակոբեանը նոքաութով պարտուեցաւ ամերիկացի Տերել Գաուշայէն:

Անահիտ Բարսեղեանը 100 մեթր թիկնալողին չի կարողացաւ
յաղթահարել որակաւորման փուլը
 
Լողորդուհի Անահիտ Բարսեղեան Ողիմպիական խաղերու 100 մեթր թիկնալողի որակաւորման փուլին ընթացքին՝ 45 մասնակիցներու միջեւ գրաւեց նախավերջին` 44 տեղը:
100 մեթրը 58.23 վայրկեանի մէջ լողաց աւստրալուհի Էմիլի Սիբոնը եւ գրաւեց առաջին տեղը:

Հրաձիգ Նորայր Բախտամեան
 չյաջողեցաւ մտնել եզրափակիչին

Յուլիս 28-ին Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն կայացաւ հրաձըգութեան 10 մ օդամղիչ ատըրճանակ ձեւը:
Հայաստանի փորձառու հրաձիգ Նորայր Բախտամեանը չկարողացաւ մինչեւ վերջ պահել առաւելութիւնը: Ան վաստակեց 579 միաւոր եւ գրաւեց 16-րդ տեղը: Եզրափակիչին մասնակցելու համար ան պէտք էր գտնուէր լաւագոյն ութնեակին մէջ:
Բախտամեանը ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Օգոստոս 5-ին 50 մ ատրճանակ ձեւով:

Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը յենացատկին առայժմ 8-րդ է

Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու յենացատկի որակաւորման փուլին մէջ, վաստակեց 82.865 միաւոր:
6 գործիքներու վրայ վարժութեան մէջ 19-ամեայ հայ մարմնամարզիկը հիանալի ելոյթ ունեցաւ եւ առայժմ կը զբաղեցնէ 8-րդ տեղը: Յենացատկին 90.256 միաւորով առաջատարը դեռեւս բրիտանացի Քրիստիան Թոմասն է:
Եզրափակիչի ուղեգիր կը նուաճեն լաւագոյն արդիւնք ցոյց տուած 24 մարզիկներ: Որակաւորման միւս փուլը կայացաւ երէկ երեկոյան ժամը 23:00-ին:
Եզրափակիչը կը կայանայ Օգոստոս 1-ին:

Արմէն Նազարեանը պարտուեցաւ

Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն աւարտեցին իրենց ելոյթները հայ ճիւտոիստները:
66 կգ Արմէն Նազարեանը, որ յաջողութեամբ յաղթահարած էր 1/16-ը, 1/8-ը պարտութիւն կրեց Լեհաստանցի Պավել Զագռոդնիկէն եւ դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: