ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին ձեռնարկած Կազդուրման կայանի աշխատանքները ընթացք առին Երկուշաբթի, 30 Յուլիս 2012-ին, եւ Պէյրութէն դէպի Այնճար մեկնեցան 57 պատանիներ եւ 5 օգնականներ,

որոնք յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գալուստ Կիւլպենկեան» վարժարանին մէջ ընկերային յանձնախումբին շնորհիւ յատուկ ծրագիրի մը ընդմէջէն պիտի ծանօթանան նորութիւններու, կլիմայական առողջ մթնոլորտի մէջ սնանին, մասնակցին դաստիարակչական, մարզական խաղերու եւ արշաւներու: