altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կը կը հա­ղոր­դէ, որ 26էն 28 ­Փետրուար 2016ին, Ալ­պա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Թի­րա­նա­յի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է Ըն­կեր­վա­րա­կան Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րը:

alt26 ­Փետ­րո­ւար 2016ին, ­Սեր­պիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Թո­միս­լաւ ­Նի­քո­լիչ, ­Պելկ­րա­տի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, ըն­դու­նած է հայ­կա­կան պատո­ւի­րա­կու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած՝ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեա­նէ, ­Ռու­մա­նիոյ հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Տա­թեւ

Փետ­րո­ւար 26ի գի­շե­րը ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ, հան­րա­հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ան­դամ­նե­րը, յի­շա­տա­կե­լով ­Սում­կա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի եւ ­Կի­րո­վա­պա­տի ջար­դե­րու 28րդ ­տա­րե­լի­ցը։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը 25 ­Փետ­րո­ւա­րի նիս­տի իր օ­րա­կար­գին մէջ նե­րա­ռած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին առնչուող հար­ցը, զոր քննար­կե­լու հա­մար ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր «­Միու­թիւն 90­Կա­նաչ­ներ» խմբակ­ցու­թիւ­նը: Այսօր, օ­րուան երկ­րորդ կի­սուն, ­Պեր­լի­նի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով ժա­մը 15:45ին, քա­ղա­քա­կան այդ ու­ժը հան­դէս պի­տի գայ զե­կու­ցու­մով մը, ո­րուն ներ­կա­յաց­ման եւ քննարկ­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած է 45 վայր­կեան:

altԻ­րա­նի ­­Մէճ­լի­սին մէջ ի­րա­նա­հայ հա­մայն­քը եր­կու տեղ ու­նի: Ի­րա­նի 10րդ ­գու­մար­ման ­­Մէճ­լի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր ի­նը հայ թեկ­նա­ծու. ըն­թաց­քին՝ կրճա­տո­ւած է ա­նոնց թի­ւը: Լ­րագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, ըստ Panorama.amի՝ ը­սած է ի­րա­նա­գէտ ­­Գո­հար Իս­կան­դա­րեան: