Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 26էն 28 Փետրուար 2016ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ, տեղի ունեցած է Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան համաշխարհային համագումարը:
Համաշխարհային համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ անգամ եւ ուր շրջանաւարտ ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ երկու տարուան իր նիւթաբարոյական գործունէութեան զեկուցումը, կը ճշդուին կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան ուղենիշները եւ կ՛ընտրուի ղեկավար նոր մարմին:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը համագումարին կը մասնակցէր չորս հոգինոց պատուիրակութեամբ` Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտա), Արփինէ Մարտիրոսեան (Շուէտ), Հայկ Իգիթեան (Հայաստան) եւ Կարապետ Շատոյեան (Աւստրիա):
Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարին, ժողովականները նախ ունկնդրած են շրջանաւարտ մարմինի գործունէութեան զեկոյցը, ապա՝ քննարկած են գաղթականութեան ճգնաժամի, համաշխարհային խաղաղութեան, ընկերվարութեան եւ հանդուրժողականութեան վերաբերեալ հարցեր:
Աւարտին ընտրուած են նոր ղեկավար մարմին եւ նախագահութիւն: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը առաջադրած էր փոխ-նախագահի թեկնածու` Եւրոպական Կոմիտէի կազմին մէջ: Երկարատեւ հետեւողական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք՝ Կարապետ Շատոյեան ընտրուած է միջազգային ընկերվարական այս մեծագոյն կազմակերպութեան հինգ եւրոպական փոխ-նախագահներէն մէկը` ստանձնելով Սեւ-ծովեան շրջանի պատասխանատուութիւնը: Միջազգային այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան մէջ բարձր պատասխանատուութիւն ստանձնելը գործելու կարելիութեանց լաւագոյն առիթը կը ստեղծէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի համար` Հայաստանն ու հայութիւնը լիարժէք ներկայացնելու միջազգային երիտասարդական հանրութեան եւ վերջիններուս ծանօթացնելու հայ ազգի արդարատենչ ձգտումները:
Միաժամանակ՝ ըլլալով ղեկավար մարմինի անդամ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը նաեւ առիթը պիտի ունենայ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելու աշխարհի եւ շրջանի երիտասարդութեան առնչուող հարցերու եւ պահանջներու գծով:
Յիշեցնենք, որ Մայիս 2015ին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի հիւրընկալութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովը` աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներէ 160 երիտասարդներու մասնակցութեամբ: