26 Փետրուար 2016ին, Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ, Պելկրատի նախագահական պալատին մէջ, ընդունած է հայկական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ
Եպս. Յակոբեան-Մուրատեանէ, Սերպիոյ հայկական համայնքի նախագահ Սամուէլ Այվազեանէ եւ կիպրացի լրագրող, քաղաքագէտ Եանոս Խարալամպիտիսէ, որ հեղինակած է Արցախի մասին գիրք մը: Ներկայ եղաց են նաեւ Սերպիոյ նախագահի խորհրդական, արտաքին գործոց նախկին նախարար Իվան Մրքիչ եւ այլ պաշտօնատարներ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Գ. Կարապետեան իր եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն երախտագիտութիւնը յայտնած է Սերպիոյ նախագահին` Հայաստան կատարած իր զոյգ այցելութիւններուն համար, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով տեղի ունեցած յիշատակման հանդիսութեանց մասնակցելու առումով:
Կարապետեան նաեւ յայտնած է իր գոհունակութիւնը` Հայաստան-Սերպիա երկկողմ յարաբերութիւններու լուրջ բարելաւման համար, Նիքոլիչի նախագահութեան ընթացքին։ Ան նաեւ յայտնած է Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին պատրաստակամութիւնը՝ ամէն կերպով օժանդակելու եւ աւելիով խորացնելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Գ. Կարապետեան նաեւ անդրադարձած է Սերպիոյ հայ համայնքի վիճակին` խնդրելով, որ պետութեան կողմէ հայկական համայնքին հողամաս մը տրամադրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ կառուցել եկեղեցի, դպրոց եւ հաւաքատեղի: Խնդրանքին դրական կերպով ընդառաջած է Սերպիոյ նախագահը` յանձնարարելով իր օգնականներուն, որ համայնքին հետ գործակցաբար հարցին լուծում տրուի, որպէսզի Սերպիոյ հայութիւնը կարենայ պահպանել իր հաւատքը, լեզուն եւ աւանդութիւնները: