Փետ­րո­ւար 26ի գի­շե­րը ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ, հան­րա­հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ան­դամ­նե­րը, յի­շա­տա­կե­լով ­Սում­կա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի եւ ­Կի­րո­վա­պա­տի ջար­դե­րու 28րդ ­տա­րե­լի­ցը։

«Ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման ծրագ­րի մաս կը կազ­մէին այս ջար­դե­րը, այնպէս ինչ­պէս կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ» դի­տել տո­ւած է Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ Աք­սել ­Կոս­տա­նեա­նը։ «­Թուրք-ա­զե­րի պե­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թաց­նե­րը՝ ժխտու­մի ու մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման վրայ յե­նո­ւած են» բա­ցատ­րեց ան, ա­ւելց­նե­լով թէ «այ­սօր ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բան­տե­րը լե­ցուն են լրագ­րող­նե­րով կամ ար­դա­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րող ակ­տի­վիստ­նե­րով»։

Բո­ղո­քի հա­ւա­քին ըն­թաց­քին դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ այ­սօր, պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ ուղ­ղա­կի յար­ձա­կում­նե­րով, որ կը շեշ­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­մոլ կե­ցո­ւած­քը։