Իրանի Մէճլիսին մէջ իրանահայ համայնքը երկու տեղ ունի: Իրանի 10րդ գումարման Մէճլիսի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած էր ինը հայ թեկնածու. ընթացքին՝ կրճատուած է անոնց թիւը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըստ Panorama.amի՝ ըսած է իրանագէտ Գոհար Իսկանդարեան:
Ան նաեւ նշած է, որ թեկնածուներէն մէկը կ՛ընտրուի հիւսիսի եւ Թեհրանի տեղին համար, միւսը` հարաւի եւ Սպահանի:
Հարաւի եւ Սպահանի տեղին համար երեք թեկնածու առաջադրուած էին, սակայն Վրէժ Տէր-Մարտիրոսեան ինքնաբացարկ յայտարարած է:
Ըստ Գ.Իսկանդարեանի՝ յաղթելու բաւական մեծ հնարաւորութիւն ունի Ժորժիկ Աբրահամեան, որ նախապէս եղած է պատգամաւոր, համայնքը կը յիշէ անոր առաջ քաշած օրինագիծերը, որոնք կեանքի կոչուած էին: Հիւսիսի եւ Թեհրանի տեղին համար չորս թեկնածու կը պայքարի:
Իրանագէտին խօսքով՝ մեծ հաւանականութիւն ունի Կարէն Խանլարեան, որ այսօր ալ պատգամաւոր է, բաւական արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Անոր թեկնածութիւնը կը պաշտպանէ Հ.Յ.Դ.ն: «Հայ թեկնծուները հիմնականում վեր են հանում հայ համայնքի խնդիրները, ներկայացնում դրանք Մէճլիսում, փորձում ներքին խողովակներով հասնել դրանց լուծմանը»,- ըսած է Գ.Իսկանդարեան:
Իրանի 10րդ գումարման Մէճլիսի ընտրութիւնները պիտի կայանան Փետրուար 26ին: Ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ստացած է 6230 թեկնածու, որոնք կը պայքարին խորհրդարանի 290 աթոռի համար: Իրանագէտը ըսած է, որ նախապէս 12.000էն աւելի քաղաքացի մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած էր, սակայն Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը զտած է եւ թոյլ տուած ընտրութիւններուն մասնակցելու 6230 թեկնածուի:
Հիմնական պայքարը կ’ընթանայ պահպանողական եւ բարեփոխական թեւերը ներկայացնող կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու միջեւ: