­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը 25 ­Փետ­րո­ւա­րի նիս­տի իր օ­րա­կար­գին մէջ նե­րա­ռած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին առնչուող հար­ցը, զոր քննար­կե­լու հա­մար ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր «­Միու­թիւն 90­Կա­նաչ­ներ» խմբակ­ցու­թիւ­նը: Այսօր, օ­րուան երկ­րորդ կի­սուն, ­Պեր­լի­նի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով ժա­մը 15:45ին, քա­ղա­քա­կան այդ ու­ժը հան­դէս պի­տի գայ զե­կու­ցու­մով մը, ո­րուն ներ­կա­յաց­ման եւ քննարկ­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած է 45 վայր­կեան:

­Գեր­մա­նիոյ ­Կա­նաչ­ներ կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Ճեմ Էօզ­տե­միր ը­սած է, թէ այս քննար­կու­մը չի կա­տա­րո­ւիր պար­զա­պէս յի­շա­տակ­ման հա­մար, այլ` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով: «­Յոյս ու­նիմ, որ ընդ­դի­մու­թիւնն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղին խորհր­դա­րա­նին մէջ հա­մա­ձայ­նե­լու 100 տա­րի ա­ռաջ գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ: Ա­սի­կա շատ կա­րե­ւոր ազ­դակ մը պի­տի ըլ­լայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին: ­Պէտք է նախ շեշ­տել, թէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր եւ ա­պա հաս­տա­տել, որ ­Գեր­մա­նիա մեղ­սա­կից էր ա­նոր: ­Նաեւ՝ մենք ա­մէն ինչ պէտք է ը­նենք, որ հայ-թրքա­կան սահ­մա­նը բա­ցո­ւի»,- ը­սած է ան:

­Կա­նաչ­ներ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կած է, որ քննարկ­ման յա­ջոր­դէ քո­ւէար­կու­թիւն: «­Սա­կայն յստակ չէ, թէ իշ­խող ու­ժե­րը ու­նի՞ն այդ­պի­սի տրա­մադ­րու­թիւն: Ե­թէ ոչ, ա­պա ­Հինգ­շաբ­թի տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ միայն քննար­կում եւ ոչ թէ քո­ւէար­կու­թիւն: Այդ պա­րա­գա­յին, բա­նա­ձե­ւը կրկին կը ղրկո­ւի յանձ­նա­խում­բեր` քննարկ­ման հա­մար, ուր ա­նի­կա կրնայ 2015ի Ապ­րիլ 24ին ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւի ճա­կա­տա­գի­րին են­թար­կո­ւիլ, այ­սինքն` ան­տե­սո­ւիլ, քա­նի որ իշ­խող հա­մախմ­բու­մը հե­տաքրք­րո­ւած չէ այդ նիւ­թի քննար­կու­մով»,- ման­րա­մաս­նած է Էօզ­տե­միր: Հար­ցու­մին, թէ որ­քա­նո՞վ հա­ւա­նա­կան է բա­նա­ձե­ւին վա­ւե­րա­ցու­մը` պա­տաս­խա­նած է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պաշ­տօ­նա­պէս ար­դէն իսկ խօ­սած է երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը փա­փա­քի հար­ցը կրկին «գոր­գի տակ պա­հել»` քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէ մղո­ւած: