Շուէտի մէջ, Փետրուար 20ին, Հ.Հ. դեսպանութեան առջեւ, տեղւոյն ատրպէյճանցիները կազմակերպած էին ցոյց՝ նպատակ ունենալով ոչ-աշխատանքային օրուան ընթացքին նկարուիլ Հ.Հ. դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ` յետոյ սեփական մամուլի մէջ մարդաշատ ցոյցի մասին ապատեղեկատուութիւն
տարածելու համար:
Ըստ News.a,ի՝ Շուէտի հայ համայնքի երիտասարդները, նախապէս տեղեկանալով ցոյցի կազմակերպման մասին, անակնկալ մատուցած են` ատրպէյճանցիները դիմաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշներով: Արդիւնքով՝ ատրպէյճանական սակաւամարդ ցոյցը շատ կարճ ժամանակի մէջ ցրուած է