altՍու­րիոյ հա­յու­թեան օգ­նու­թեան մար­մի­նը (ՍԱՐՖ) Կի­րա­կի՝ 21 Փետ­րո­ւար 2016ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2էն 8, վեց ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քէն հան­գա­նա­կեց մէկ մի­լիոն 204 հա­զար տո­լա­րէն ա­ւե­լի գու­մար մը: ՍԱՐ­Ֆը շրջա­նիս կա­րե­ւո­րա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն միա­ցու­մով ստեղծուած

յանձ­նա­խումբ մըն է, որ Սու­րիոյ հա­յու­թեան օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու ծրա­գիր­ներ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ:

Թե­լե­թո­նի յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուե­ցաւ Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող «­Հո­րի­զոն» հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի սրա­հին մէջ եւ սփռուե­ցաւ «­Հո­րի­զոն», «Էյ.Ար.­Թի.Էն» եւ «Եու.Էս.Էյ.Ար­մի­նիա» կա­յան­նե­րէն: Հա­մա­գա­ղու­թա­յին տենդ մը զգա­լի էր ամ­բողջ հան­գա­նա­կու­թեան ըն­թաց­քին: Հան­գա­նա­կա­յին այս ծրա­գի­րէն հան­դէս ե­կան բազ­մա­թիւ ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, միու­թիւն­նե­րու ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ հո­գե­ւոր եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ: