Ոստիկանական ուժերու հսկողութեան եւ բիրտ վերաբերումին տակ ընթացաւ երէկ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ կայացած բողոքի ցոյցը, երկրի խորհրդարանի շէնքին առջեւ։
Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքեցին սնանկացման մէջ գտնուող պետութեան եւ տնտեսական նոր օրինագիծերու կիրարման դէմ՝ «Դո՛ւրս», «Դուք մեր ներկայացուցիչները չէք» լոզունգներ բացագանչելով։
Քսանէ աւելի քաղաքացիներ ձերբակալուեցան, շատեր վիրաւորուե-ցան մինչ ոստիկանական ուժերը ծեծի կþենթարկէին ցուցարարները։
Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր քաղաքացիներու «Գրաւեցէք խորհըրդարանը» նախաձեռնութեան կողմէ։
Սպանական մամուլը կը հաղորդէ թէ ցուցարարները նոր ընտրութիւններու կազմակերպման պահանջքը կը ներկայացնէին, հազիւ տաս ամիս առաջ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած կառավարութենէն։
Սպանիան, Յունաստանի նման արդէն ամիսներէ ի վեր ծանր ճնշումներու ենթարկուած է միջազգային շուկաներուն կողմէ։ Երկրին համար փոխառութեան արժէքը բարձր չափանիշներու վրայ է, իսկ հակառակ կառավարութեան հերքումներուն, երկիրը շատ մօտ է ...«փրկարարական» ծանօթ մեքանիզմներուն ենթարկուելու։