ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ Է 20 ՀԱԶԱՐ ՔԱՌ. ՄԵԹՐ ՀՈՂ
Ամենայն հաւանականութեամբ արտաքին ճնշումներու որպէս հետեւանք՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու գրաւեալ սեփականութիւնները վերադարձնելու գծով երկրին իշխանութիւններուն նախաձեռնած քաղաքականութիւնը սկսած է տալ իր պտուղները:
Այսպէս, ըստ Պոլսոյ (երբեմնի) հայաշատ արուարձաններէն Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի հաղորդած լուրին՝ պետութիւնը որոշած է իրեն վերադարձնել շուրջ 20 հազար քառ. մեթր մակերեսով հողատարածք մը: Թաղային խորհուրդը (վեր)ստացած է հողերուն սեփականաթուղթը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը կրթական բոլորովին նոր դրութիւն հաստատած է: Ատով՝ «Կրօնական հիմնական գիտութիւններ» դասը կը դառնայ ընտրովի: Այս առարկային մէջ կը ներառնուին նաեւ քրիստոնէութիւնը եւ հրէութիւնը: Դասանիւթերու պատրաստութեան գործին մէջ նախատեսուած է դիմել իւրաքանչիւր կրօնքի համար՝ անոր պատկանող կղերականներու: