Ատրպէյճանցի ոճրագործին կողմէ դաւադրաբար սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Փետրուար 19-ին Հունգարիոյ Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ կեդրոնի նախագահ Նիկողոս Յակոբեանը նշած է, թէ հայ համայնքի անդամները ծաղիկներ զետեղած են Դանուբ գետի ափին տեղադրուած հայկական խաչքարին մօտ, որմէ ետք Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ բանախօսութեամբ հանդէս եկած են Հունգարիոյ հասարակական գործիչներ, որոնք ազերի ոճրասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումէն ետք այցելած են Հայաստան եւ ներողութիւն խնդրած են Մարգարեանի ծնողներէն: «Դեռ եւս անցեալ տարուընէ նպատակադրուած ենք Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնել ակադեմիայի մէջ, ուր ան սպաննուած էր:
«Թոյլտուութիւն ստանալու համար կը պատրաստուինք դիմել Պաշտպանութեան նախարարութեան, որպէսզի կարենանք սկսիլ աշխատանքները: Պէտք է նշեմ, որ Սաֆարովի արտայանձնումէն ի վեր գործի հետ կապուած հարցերը թապու դարձած են հունգարացիներու համար: Ապրիլին այստեղ կը նախատեսուին ընտրութիւններ. իշխանութեան ու քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները շատ զուսպ եւ զգոյշ են»,- նշած է Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ յուշարձանի կանգնեցման դիմումը պիտի ներկայացուի ընտրութիւններէն ետք: «Ընտրութիւններն ետք պարզ կÿըլլայ կառավարութեան նոր կազմը, եւ Մայիսին արդէն պատրաստուած նախագծերով կը դիմենք կառավարութեան, միւս պատկան մարմիններուն եւ անձերուն: Կը կարծեմ, որ յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւններ ունինք»,- ընդգծած է ան:
Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձման մէկամեակի առնչութեամբ 2013-ի Օգոստոս-Սեպտեմբերին Հայկական մշակութային կեդրոնը դիմած էր Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարարին եւ շարք մը կարեւոր հարցադրումներ ըրած էր՝ մարդասպանին պատասխանատուութեան կանչելու ուղղութեամբ: Յակոբեանի խօսքով՝ այդպէս ալ պատասխան չէ ստացուած Արադարադատութեան նախարարէն: