«Նիուզ.ազ» կը հաղորդէ, որ ընթացք առած է Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին տեղեկացնելու Անար Մամմատովի հիմնած Ատրպէյճան-Ամերիկա դաշինքի նաձեռնարկած արշաւը։ Դէպքին վերաբերեալ պաստառ- որմազդներ տեղադրուած են Նիւ Եորքի մեթրոյի 34 կայարաններու մէջ եւ պակերասփռումներ կատարուած են Նիւ Եորքի շարք մը փողոցներու շէնքերուն վրայ:
Դէպքին մասին վիճակագրական թիւեր նկարի ձեւով զետեղուած են Նիւ Եորքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ գտնուող շէնքերու վրայ։ Այդ մէկը կը կատարուի ինքնաշարժի մը կողմէ, որ օժտուած է յատուկ սարքով մը, որ երեկոյեան եւ գիշերները խճողուած վայրերու մէջ լուսանկարները շէնքերու վրայ կը պատկերասփռէ։