Եւրոպական Միութիւնը կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրառել
Ռուսաստանի նկատմամբ

Ջղագրգռութեան եւ քարոզչութեան խիստ պայքար կ'ընթանայ ռուսական եւ ուքրանական երկու կողմերուն միջեւ, մինչ համայն մարդկութիւնը հանդիսատես դարձած է Խրիմի «տէ ֆաքթօ» գրաւման պայմաններուն։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդանշական քայլերու ձեռնարկեց երէկ, ներկայ գտնուելով Սէն Փեթերզպուրկի մօտ իրագործուող զինւորական մարզաձեւերու։

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդը երէկ, 3 Մարտի երեկոյեան, Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի քայլերը դատապարտող եւ պատժամիջոցներ սահմանող յայտարարութիւն մը հրապարակեց։ Յայտարարութեան համաձայն՝ Եւրոպական Միութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ Ռուսաստանի ոտնձգութիւնները։ Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ, յիշեցուցին Ռուսաստանին այն բոլոր պայմանագրերը ուր Ռուսաստան կը ճանչնայ Ուքրանիոյ ամբողջականութիւնը, համաձայնելով որ Խրիմի ինքնավար հանրապետութիւնը կրնայ հանրաքուէ կատարել տեղական խնդիրներու վերաբերեալ, բայց ոչ այնպիսի հարցերու մասին, որ կրնան փոփոխութեան ենթարկել Ուքրանիոյ տարածքային կառուցուածքը։