Ուրուկուէյի հայ համայնքը ուղիներ կը փնտռէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Թապագեան:

Ուրուկուէյի կառավարութիւնը թոյլատրած է թանգարան կառուցել, եւ համայնքը ներկայիս կը փորձէ հայթայթել նիւթական միջոցներ: «Ուրուկուէյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու գործը ընթացքի մէջ է: Հայ համայնքը միջոցներ կը փնտռէ տարածքի եւ կառուցման աշխատանքներու համար: Հաւանական է, որ դիմենք Ուրուկուէյի կառավարութեան՝ տարածք տրամադրելու խնդիրով», ըսաւ Յակոբ Թապագեան՝ նշելով, որ մինչեւ 2015 թուական պիտի փորձեն կեանքի կոչել այդ նախագիծը:

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք Գըլճեանը, հանդիպում մը ունեցաւ Ուրուկույի պետութեան մօտ Զուիցերիոյ դեսպան, Տիտիէր Փֆիրդրի հետ, Տողու Փերինչէքի հարցով:
Յայտնի դարձաւ որ դեսպանը ոչ միայն ծանօթ էր Փէրինչէքի հարցին, այլեւ մանրամասնօրէն լաւատեղեակ անոր։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, պարզուեցաւ նաեւ թէ պր. Փֆիրդր տարիներէ ի վեր կը հե-տաքրքրուի հայութիւնը յուզող հարցերով եւ Հայ Դատի հետ կապուած գործունէութեան։