Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը այսու կը ծանուցանէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարի մեկնարկը։
«Օշական» մատենաշարը կը միտի հրատարակել գրականութեան բնագաւառէն ստեղծագործական թէ գրականագիտական որակաւոր գործեր: Մեր նպատակն է այս մատենաշարով լոյս ընծայել անցեալ թէ ներկայ՝ մնայուն արժէքներու վերածուած գրողներու մանաւանդ անտիպ երկերը:
Այս առթիւ կը հաղորդենք, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է «Օշական մատենաշար»ի անդրանիկ հրատարակութիւնը՝ Վազգէն Շուշանեանի ցարդ անտիպ «Ալեկոծ տարիներ» գիրքը, որ տարաբախտ գրողին ինքնակենսագրութիւնը ըլլալէ անդին, նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ անոր ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը: Այս արժէքաւոր հրատարակութիւնը կարելի է գտնել Համազգայինի գրատարածի կրպակներուն մօտ:
Պարտ կը զգանք նաեւ յայտնել, թէ 2008-էն սկսեալ, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հովանաւորած է երեք գիրքերու հրատարակութիւնը. Գէորգ Մանճիկեանի Յուշեր, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի Բժիշկին Բ. խօսքը եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի Իմ ուղեպատումը հատորները, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան 2013-ի Գրական մրցոյթի արդիւնքներու Հայ մայրը գրքոյկը։
Օշական մատենաշար-ին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հարցումներու համար կը խնդրուի գրել This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. հասցէին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ