Երէկ եւ այսօր Հալէպի հայկական կարգ մը շրջաններ, կրկին թիրախ դարձան հրասանդերու, յատկապէս Նոր Գիւղը, Սիւլէմանիէն եւ Վիլլաներու շրջան։

Երէկ 1 Մայիս 2014-ին, ժամը 19:00ին, Սիւլէմանիէ շրջանին մէջ (Քելլէսին թաղը) ինկած հրասանդերուն պատճառով վիրաւորուեցան Կարպիս Գապայեանը եւ ՌաՖՖի ու Կարօ Պալեանները (հայր ու որդի): Վիրաւորներու պարագան ծանր չէ: Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ 30 ժամ է իվեր կրկին անջատուած է ելեկտրական հոսանքը, որուն հետեւանքով վերսկսած է ջուրի տագնապը։
Հրթիռ մը ինկած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի կողքին գտնուող ազգապատկան «Օշական» շէնքի թաղը: Հրթիռի պայթումի պատճառով մէկ կողմէն վիրաւորուեցան երկու հայերը, միւս կողմէ բնակարաններուն մեծ վնաս հասաւ, քարուքանդ ընելով թաղը:
Այլ երկու հրթիռ ինկաւ՝ առաջինը Նոր Գիւղի մզկիթին գովի թաղերէն մէկը, իսկ երկրորդը Նոր Գիւղի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի վրայ, բարեբախտաբար երկուքն ալ չպայթեցան:
Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէ շրջանի «Թեթթէն» վառելանիւթի կայանէն ետք «Գաբրի»ի հրապարակ չհասած Վիլլաներ թաղամասի մուտքին վրայ ինկած եւ պայթած հրասանդի բեկորներէն վիրաւորուեցաւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 7-րդ կարգի աշակերտ Խաժակ Ժամկոչեանը:
Խաժակ անմիջապէս տարուեցաւ հիւանդանոց եւ անմիջական բուժումներ կատարուելէ ետք, այժմ վիճակը կայուն է եւ արդէն բնակարանն է ու կը հանգստանայ:
Նշենք, որ ինկած հրթիռները տեղական պատրաստութիւնն են՝ կազի շիշով, որ կը ձգուին «Մատֆահ ժահաննամ»ով (դժոխայաին հրետանի):
Հրթիռներու ֆիզիքական վնասներու կողքին արձանագրուեցան նաեւ նիւթական վնասներ, քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014-ին, Սալամիյէի-Հալէպ ճամբուն վրայ դժբախտ պատահարի մը պատճառով փամփուշտի մը զոհ գնաց Րաֆֆի Հէքիմեան:
Միւս կողմէ, օրեր առաջ Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի Մըլեհա շրջանին մէջ բուռն փախումներու հետեւանքով նահատակուեցաւ սուրիական բանակի հալէպահայ զինուոր, 1989-ի ծնունդ Ուիլեըմ Մակարը (Մակարեան):
Թաղման յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, 30 Ապրիլին։