Հալէպի լրատուական գրասենեակէն կը հաղորդեն թէ 2 Մայիս 2014ին, յետ միջօրէի ժամերը շատ ծանր եղան Հալէպի համար: Հայահոծ Վիլլաներու, Ազիզէի եւ Նոր Գիւղի շրջաններուն մէջ հրասանդներ եւ կազի շիշեր տեղացին, որոնց պատճառած ահն ու սարսափը անտանելի էր:

Անոնցմէ մէկը ինկաւ "Ա.Մանուկեան" Ժողովրդային տան դիմացը գտնուող շէնքին վրայ, երկու քաղաքացի վիրաւորուեցան եւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան:
Համարեա՛ նոյն ժամերուն Նոր Գիւղի Տիգրանեան պարտէզին մէջ ինկաւ կազի շիշ մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան Բենօ Փիլաւճեանն ու Լեւոն Յովհաննէսեանը:
Վիրաւորներուն պարագաները մտահոգիչ չեն, բարի ապաքինում անոնց:
Իսկ 1 Մայիս 2014ին ինկած հրթիռներուն պատճառով վիրաւորած են նաեւ (մեր փոխանցած անուններուն կողքին) Մարլէն Փոքրաւորեանն ու Էլի Չիլաբօշեանը:


ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՐՑՈՎ
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ
Մ.Ա.Կ.-Ի 
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒԷՆ

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու՝ Վալերի Ամոսէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման, ու անոր կատարած ցուցմունքներուն համար եւ կը վստահեցնէ թէ մօտէն կը հետեւի Քեսապի գաղթականներուն հարցին, շարունակելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:
Յայտնենք, որ Քեսապի հարցը իր քաղաքական, մարդասիրական ու ազգային երեսներով կը շարունակէ մնալ Նորին Սրբութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան մտահոգութեան ու աշխատանքներուն առաջնահերթ առարկան:
Երէկ առաւօտ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու ուղղուեցաւ Լաթաքիա, Քեսապի գաղթականներուն հետ տեսնուելու եւ հանդիպումներ ունենալու պատասխանատու մարմիններուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Քեսապի տագնապի գծով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ու զօրակցութեան համար: Վեհափառ Հայրապետին սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի զօրակցութիւնը Քեսապի ու ամբողջ սուրիահայութեան շարունակուի գործնական արտայայտութիւններով յատկապէս՝ նիւթական օժանդակութեամբ թիկունք կանգնելով սուրիահայութեան կարիքներուն եւ ընդհանրապէս վերակագնումի աշխատանքներուն:

Սուրիոյ Վարչապետին Այցելութիւնը՝ Տեղահանուած Քեսապահայութեան

Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցի տեղաւորուած քեսապահայութեան այցելեց Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքին: Անցեալ շաբաթավերջին կայացած այցելութեան անոր կ՛ընկերակցէին Լաթաքիոյ կուսակցապետը, նահանգապետը, քաղաքապետը, ոստիկանապետը, տեղական ինքնակառավարման մարմինի պատասխանատուներն ու ելեկտրականութեան նախարարը:
Վարչապետին դիմաւորեցին Քեսապի հոգեւոր հայրերը, Ծովափի հայութեան թեմական ներկայացուցիչ, ազգային երեսփոխան Պօղոս Ղազարեան եւ Քեսապի ու Լաթաքիոյ պատասխանատուներ: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վարչապետը ժողովուրդին կողմէ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ, ապա զինք ընկերակցողներուն հետ շրջեցաւ ապաստարանները եւ ծանօթանացաւ պատսպարուած ժողովուրդի կացութեան:
Վարչապետը քաջալերական խօսքերով խրախուսեց ներկաները՝ անոնց փոխանցելով Սուրիոյ նախագահին բարեմաղթութիւնները: