ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ  Չեչենիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով ընկերային ցանցի իր էջերէն մէկուն վրայ գրած է, որ Քեսապի դէմ յարձակում գործած ահաբեկիչները իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին: Ան ցաւակցութիւն յայտնած է Քեսապի մէջ նահատակուածներու

Թուրք մտաւորական, հասարակական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն իր շաբաթական յօդուածը նուիրած է սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ անոնց՝ Թուրքիոյ մասնակցութեան:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի Յարութիւնը՝ “մահուամբ մահը յաղթեց”։

ՀԱԼԷՊ, ԵՐԵՒԱՆ.- «Բերիոյ Նիուզ»ի «Ֆէյսպուք»ի կայքէն Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին կը տեղեկանանք, թէ սուրիական օրինական բանակին եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին Քեսապի մէջ, մասնաւորապէս՝ թիւ 45 դիտարանի տարածքին:

Սուրիահայ զինուոր մը կը սպաննուի Հալէպի մէջ

«Բերիոյ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հալէպի Նիլ թաղամասը թիրախ դարձած է հրթիռարձակման: Հրթիռի մը պայթումէն իր ստացած բեկորներուն պատճառով, սպաննուած է սուրիական բանակի հայ զինուոր՝ 1995ի ծնունդ Գրիգոր Աշնագըլեանը: