Փետրուար ամսուան ընթացքին տեղի ունե ցաւ Քասթրիի Զուիցերիական բարեսիրական հաստատութեան նոր տաղաւարի բացումը։

Մինչ Եւրոպա ցուրտէն կը սարսռայ, անդին  Հայաստան բաղդատաբար լաւ ձմեռ մը կ՛անցնէ: Արդարեւ, Միջերկրականէն, Անդրկովկասէն եւ Փոքր Ասիայէն տաք օդեր խուժած են Հայաստան Յունուարի ընթացքին:

Անցեալ Դեկտեմբեր 15-ին Փարիզի մէջ լոյս  տեսաւ առաջին թիւը «Հայաստան» շաբաթաթերթին, որ այնուհետեւ կանոնաւորաբար կը հրատարակուի ամէն շաբաթ, ճոխ եւ այլազան բովանդակութեամբ, հայերէն եւ ֆրանսերէն ընտիր յօդուածներով:

Նիւ Եորքի «Տարտանէլ» ճաշարանին մէջ Հայ Գրագէտներու Բարեկամներու Միութեան կողմէ ճաշկերոյթ մը տրուած է ի պատիւ Շաւարշ Նարդունիի, մասնակցութեամբ մեծ թիւով մտաւորական եւ հանրային դէմքերու։

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով մէկ պողոտայ եւ 18 փողոցներ պիտի կոչուին հայկական անուններով, ինչպէս նաեւ երկու փողոցներ պիտի պահեն իրենց հայկական նախկին անունները: