Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով մէկ պողոտայ եւ 18 փողոցներ պիտի կոչուին հայկական անուններով, ինչպէս նաեւ երկու փողոցներ պիտի պահեն իրենց հայկական նախկին անունները:
Հայաշէնի եւ Ճերմակ տուներու միջեւ, Նահրի քորնիշէն սկսեալ եւ մինչեւ Սալամի դաշտը երկարող բացուելիք նոր պողոտան, որ պիտի ունենայ 20 մեթր լայնք, պիտի կոչուի Արմենիա: Հայաշէն թաղին մէջ եօթը փողոցներ պիտի կոչուին հետեւեալ անուններով. Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Անի, Մասիս, Արաքս, Հայաշէն եւ Թորգոմեան վարժարան: Ճերմակ տուներու մէջ գտնուող փողոցները, իրենց տասը ճիւղաւորումներով եւ թուագրուած, բոլորն ալ պիտի կոչուին Րաֆֆի: Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցիին առջեւէն իջնող ճամբան պիտի կոչուի Ս. Յակոբ: Էշրեֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին քովէն անցնող ճամբան պիտի կոչուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ քովէն անցնող ճամբան պիտի կոչուի Հայ լուսաւորչական եկեղեցի: Նոր Հաճըն թաղի մէջ գտնուող եօթը փողոցներ պիտի կոչուին հետեւեալ անուններով. Կիլիկիա, Վարդան, Արարատ, Վան, Անդրանիկ, Երեւան եւ Խաչատուրեան, երգահան Արամ Խաչատուրեանի անունով: Այն Մրէյսէի շրջանը, Կրահամ կայարանէն վար իջնող ճամբան, որ հայ հին բժիշկի մը մականունով կը կոչուէր Վարդապետ, պիտի պահէ իր նախկին անունը: Ինչպէս նաեւ ծանօթ Սուք Էրմէն շուկայի փողոցները պիտի պահեն իրենց նախկին անունները՝ Սուք Էրմէն:
Միւնիխի Ազատութեան ռատիոկայանը իր հաղորդագրութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ «Բագին» ամսագրի մասին.- Գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր «Բագին»ը բոլորեց իր հրատարակութեան առաջին տարին: Իր առաջին իսկ համարները մեծ յաջողութիւն գտան ընթերցողներու մօտ: Արդէն լոյս տեսաւ «Բագինի»ի երկրորդ տարուան առաջին համարը: Խմբագրական յօդուածին մէջ կը շօշափուին զանազան հարցեր՝ կապուած գրականութեան, արուեստին եւ գրական նոր սերունդին: