Իկոր Տէր Յովհաննէսեան 8.17.5 մեթրով երկարութիւն ցատկելու փակ սրահի համաշխարհային մրցանիշը կոտրած է:

Խորհրդահայ մարզիկ Տէր Յովհաննէսեան, որ 8.30 մեթրով աշխարհի երկարութիւն ցատկելու մրցանիշը ի ձեռին կը պահէր, փակ սրահի մրցանիշը շահեցնող աստիճանը երկրորդ ոստումի ընթացքին ապահովեց: Փակ սրահի համաշխարհային մրցանիշը նախապէս 8.85-ով ամերիկացի Ռալֆ Պոսթընի կը պատկանէր: Աւելի քան 12 հազար հոգի հետեւած են մրցումներուն:

Նիւ Եորքի մեր թղթակից Լեւոն Քէշիշեան կը  հաղորդէ հետեւեալ լուրերը. Ուիլիըմ Սարոյեան նոր գործ մը պատրաստած է, որ շարժանկարի պիտի վերածուի ու կը կոչուի «Ուէզլի Ճեքսընի արկածախնդրութիւնները»: Թերանս Սթամբ դեր մը ունի այս խաղին մէջ: «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» շարժանկարը ներկայիս կը պատրաստուի Սպանիոյ մէջ: Այս ժապաւէնին մէջ հայոց թագաւորի դերը կը խաղայ եգիպտացի դերասան՝ Օմար Շարիֆ, որ վերջերս հոս կը գտնուի: ՄԱԿ-ը կը կազմակերպէ միջազգային համաժողով մը Ժընեւի մէջ, 4-20 Փետրուարին որ պիտի լսէ բազմաթիւ գիտնականներու մասնաւոր ուսումնասիրութիւնները, ասոնց մէջ կը գտնուի Պիէլոռուսիոյ Թ. Ս. Խաչատուրեանը, որուն թուղթը ճամբորդութեան տնտեսականութեան հետ կապ ունի:   Ուրախութեամբ կ'իմանանք, որ բնիկ սսեցի  Աքսոր Գասարճեան վեհանձն ժեսթով մը ստանձնած է Նոր Սիսի Լուսինեան ազգային վարժարանին բարերարութիւնը: Այս իշխանավայել վերաբերումը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն պատճառեց Նոր Սիսի ամբողջ ժողովուրդին մօտ, որ այսպիսով հայահոծ այդ շրջանը օժտուած  պիտի տեսնէ արժանավայել կրթական հաստատութեամբ մը: Շրջանի թաղականութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը, Ազգային կեդրոնական մարմիններուն հաւանութեամբ, որոշած են Նոր Սիսի ազգային Լուսինեան վարժարանը այսուհետեւ կոչել Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան: