Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան սկզբնաւորութեան, Ճիովանի Պապը մասնաւոր ունկնդրութիւն մը շնորհած է Հռոմի արեւելեան դպրոցներու, հաստատութեանց եւ ծէսերու բազմահարիւր աշակերտութեան։

Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ տեղ գրաւած են Հռոմի մէջ գտնուող Արեւելեան դպրոցներու մեծաւորները եւ ուսուցիչները, որոնց կարգին, Հայկական Լեւոնեան վարժարանը, Եթովպական, Յունական, Մարոնի, Ռուս, Ռումէն, Ուքրանական ընծայարաններու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ արեւելեան վանական միութիւններու ներկայացուցիչները։ Երբ Պապը բարձրացած է իր գահը Յունական վարժարանի երգչախումբը բազմաձայն երգած է «Փոլիխրոնիոն» երգը, որ ժողովրդական տարածուած մաղթերգ մըն է հայրապետի հասցէին։ Ապա կարգով երգած են ռուսական, ուքրանական եւ եթովպական վարժարաններու աշակերտները։ Երբ կարգը եկած է հայկականին, սրբազան պապը նախ փափաքած է իմանալ երգին թարգմանութիւնը, ինչ որ անթերի եւ փութով կատարուած է։ «Երգ բարեկամութեան» (խօսք՝ Ղուկասեանի, երաժշտութիւն՝ Օ. Գիւզալեանի)։ Խաղաղութեան, սիրոյ եւ ժողովուրդներու եղբայրութեան ուղղուած ձօներգ մըն է, որուն պատգամը յայտնապէս յուզած է Ճիովանի Պապը։ Սրբազան Պապին վրայ լաւագոյն տպաւորութիւնը թողած է հայկական «Բարեկամութեան երգը»։

Լոնտոնի «Հայ Տան» մէջ տեղի ունեցած է  «Հայ երիտասարդաց միութեան» տարեկան ընդհ. ժողովը։ Հայերէն եւ անգլերէն լեզուով կարդացուած է միութեան տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրը։ Միութեան անդամներուն ներկայ թիւն է 165։ Միութիւնը 1962 տարեշրջանին ունեցած է 112 սթերլինի զուտ շահ։ Լոնտոնի «Հայ Տան» նուիրած է 50 սթերլին։ Կատարած է 12 ձեռնարկներ։ «Հայ Երիտասարդաց Միութեան» ծրագիր-կանոնագիրը վերամշակելու եւ հայերէն լեզուով գրի առնելու համար ընտրուած է եռանդամ յանձնախումբ մը։