Ատրպէյճանի Մանկապատանեկան Գրականութեան հրատարակչականը լոյս ընծայած է Յովհաննէս Թումանեանի կարգ մը պատմուածքները եւ հեքիաթները՝ թարգմանութեամբ Միրալի Սեյիտովի։

Թարգմանիչը հաւատարիմ մնացած է հեղինակի ոճին ու «գիւտերուն»։ Յառաջաբանին մէջ, Սեյիտով վեր առած է Յ. Թումանեանի կեանքն ու գործը։

Աշխարհահռչակ ջութակահար Իկոր Օյսթրախ Երեւանի մէջ փայլուն ելոյթներ ունեցած է, ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի սեմֆոնիկ նուագախումբին, զոր վարած է խմբավար Օհան  Տուրեան։ Յայտագրին մաս կազմած են Պրահմսի, Շթրաուսի եւ այլ միջազգային երաժշտագէտներու ստեղծագործութիւններ։

Տաղանդաւոր դերասան Պետրոս Ադամեանի կեանքին, գործին եւ արուեստին նուիրուած իր երկհատոր աշխատասիրութեան համար, արուեստագիտութեան վարպետի աստիճան ստացած է ծանօթ արուեստաբան Ռուբէն Զարեան։ Ամբողջ Սովիէթ Միութեան մէջ, թատերական  արուեստի մարզին համար վերոյիշեալ աստիճանը ունեցող միայն եօթը անձեր կան, որոնցմէ չորսը հայեր են։

Սայեաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակը արժանավայել կերպով տօնակատարելու համար կազմուած է գրագէտներէ, մտաւորականներէ եւ պետական դէմքերէ բաղկացած յանձնախումբ մը։

Հայաստանի «Հայֆիլմ» ընկերութիւնը վերջերս աւարտած է վաւերագրային նոր ֆիլմ մը, նուիրուած՝ հայ գիրերու ստեղծիչ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին։ Ժապաւէնին մէջ, ծանօթութիւններ կը տրուին հայ գիրերու եւ անոնց մեծանուն կերտիչին՝ Ս. Մեսրոպի մասին։ Հանդիսատեսը լայն գաղափար մը կ'ունենայ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին առիթով, Հայաստանի զանազան շրջաններուն եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կազմակերպուած արժանավայել եւ մեծաշուք հանդիսութեանց մասին։