Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»էն կ'իմանանք որ յանկարծական անհանգստութեան մը հետեւանքով Մեծ Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա. փոխադրուած է Ամերիկեան հիւանդանոցը, ուր կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ։

Ալեքսիու պանդոկի ընդարձակ ու շքեղ սրահին մէջ, Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց միութեան Կեդր. վարչութեան միացեալ տարեկան մեծ պարահանդէսը, ի ներկայութեան խուռներամ բազմութեան մը, որ փութացած էր թէ՛ իր ներկայութեամբ քաջալերել ազգանուէր զոյգ կազմակերպութիւնները եւ թէ՛ հայկական մթնոլորտի մէջ մէկ քանի հաճելի ժամեր անցնել։  Պարահանդէսին բացումը կատարեց Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան քարտուղարուհի ընկ. Շաքէ Պէրպէրեան։ Ապա Պապի Պերքէթիի նուագախումբի նուագով սկսան պարերը, որոնք շարունակուեցան մինչեւ առաւօտ, փոքր դադարներով։ Ծանօթ երգչուհի Էֆի Փանտազի երգեց յունական ընտիր երգեր։ Եղան նաեւ հաճելի անակնկալներ։ Արապեան եղբայրները բոլոր սեղաններուն տրամադրեցին ընտիր տեսակի երշիկ։ Նմանապէս տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բազմաթիւ ներկաներ շահեցան արժէքաւոր եւ ընտիր նուէրներ՝ տրամադրուած հելլէն եւ հայ հաստատութիւններու կողմէ։ Պարահանդէսը արձանագրեց բարոյական եւ նիւթական աննախնթաց յաջողութիւն։ Միայն, տեղի չգոյութեան պատճառով, շատ մը հայրենակիցներ ստիպուեցան մեկնիլ։ Փափաքելի է որ, յառաջիկայ տարի, կազմակերպիչները աւելի ընդարձակ սրահ մը վարձեն, կարենալ գոհացում տալու համար Աթէնքի մէջ հայկական պարահանդէս մը վայելել փափաքող մեր ազգակիցներուն։ Ներկայ էին՝ 380-էն 400 հոգի, ինչ որ աննախընթաց թիւ մըն է պարահանդէսի մը համար։ Գնահատանքի արժանի են Հ. Կ. Խաչի տիկիններն ու օրիորդները ինչպէս նաեւ Երիտասարդացի անդամ-անդամուհիները, որոնք իրենց կարելին ըրին՝ այս մեծ ձեռնարկի յաջողութեան համար։