Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուցած է Հայաստանի՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելու վերաբերեալ համաձայնագիրի վաւերացման օրինագիծը:
Ըստ ռուսական լրատու աղբիւրներու, Փութին մասնաւորապէս առաջարկած է վաւերացնել այս տարուան 10 Հոկտեմբերին Մինսքի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը:
Արծուիկ Մինասեան. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելու համաձայնագիրին հիմքը դրուած է 1994-ին
Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, երբ կը քննարկուէր Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հարցում ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի փոխ նախարար Սուրէն Քարայեանին: Մինասեանի խօսքով՝ Հայաստանի կողմէ 1993-ին կնքուած եւ 1994-ին վաւերացուած է միջազգային համաձայնագիր տնտեսական միութիւն ստեղծելու մասին, որ կը գործէ մինչեւ այսօր եւ կը վերաբերի համաձայնեցուած դրամավարկային, պիւտճէական, հարկային, արտաքին տնտեսական, մաքսային եւ արժութային քաղաքականութեան, որ հիմնուած պիտի ըլլայ ռուսական ռուբլիին վրայ:
«Այդ համաձայնագիրը կը գործէ առ այսօր, այդ համաձայնագիրը նկատի առա՞ծ էք Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնագիրը կնքելու ժամանակ: Երկրորդ՝ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կ՛անդամակցէինք եւ եւրոպական ընկերակցման բանակցութիւններ կը վարէին, ի՞նչ ուժ ունի այս համաձայնագիրը, ուր պայմանները շատ աւելի խիստ են եւ գերիշխանութեան վնասող, քան այն, որ բերուած է: Ի՞նչ իրաւական ուժ ունի այդ համաձայնագիրը», հարցուց պատգամաւորը:
Սուրէն Քարայեան պատասխանեց, որ պատգամաւորին կողմէ նշուած համաձայնագիրը, որ վաւերացուած է 1994-ին, գոյութիւն ունի որով իսկապէս նախատեսուած են աւելի խիստ եւ գերիշխանութեան վնասող չափանիշներ, բայց կարեւոր հանգամանք մը կայ՝ այդ համաձայնագիրը նպատակներու մասին է, այսինքն՝ հրամայական չէ գրուած, թէ Հայաստան ի՛նչ պէտք է ընէ:
«Ճիշդ է, այդ համաձայնագիրը տակաւին ուժի մէջ է, բայց մենք աւելի յստակ համաձայնագիր ստորագրած ենք՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը», ըսաւ փոխ նախարարը: