Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 30-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ուաշինկթըն:
ԼՂՀ ԱԺ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ Դեկտեմբեր 1-ին կայացած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումները եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր:
Նոյն օրը Աշոտ Ղուլեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած  է ԱՄՆ Քոնկրէսի եւ ԼՂՀ խորհրդարանի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, ԱՄՆ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Քոնկրէսական Ֆ. Փալոնի խնդրանքով Աշոտ Ղուլեան ներկայացուցած է Արցախի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներու հետեւանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ քոնգրէսականներուն` ԼՂՀ ռազմաօդային ուժերու ուղղաթիռին զգետնումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի այցը կը շարունակուի: