ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Գանձասարի վանքին յարակից տարածքին մէջ գտնուող հոգեւոր ճեմարանին համար կառուցուած շէնքին հիման վրայ՝ ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանի նախագծումով մեկնարկած են Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղի շինարարական աշխատանքները:

Հայաստանի կառավարութեան 7 անդամներ գլխաւորեցին Թեհրան այցելող հայկական պատուիրակութիւնը, որ Իրան կը գտնուի հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով:

Ազգային Ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան համոզում յայտնած է թէ ատրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը սահմանին վրայ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքի ցուցադրութիւնն է:

Երէկ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին, վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեանը, մատնանշելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ «երբ տարբեր կարգի թափթուկներ կարող են ազատամարտիկ ծեծել, երբ չակերտաւոր հայրենասէրը կարող է հարուածել մեր գործընկեր Արամ Մանուկեանին,

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական գիծին վրայ անցնող օրերուն եւս շարունակուեցան հրադադարի խախտումները ատրպէյճանական կողմէ: