Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային ճաշ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէայի հետ:

Նախագահին մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան դեսպաններուն հետ խօսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մասին՝ անդրադառնալով Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն օրակարգային հարցերուն եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան, շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներն ու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը, անդրադարձած է այդ հոլովոյթին մէջ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան եւ հոլովոյթը վտանգի տակ դնող սադրիչ գործողութիւններուն, որոնցմէ վերջինը Արցախի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի կործանման միջադէպն է», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: