Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Վ­րաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր Ա­րա­գած Ա­խո­յեան շա­հագրգ­ռո­ւած է Ա­րեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ Մու­շի հա­յու­թեան պահ­պա­նո­ւած գե­րեզ­մա­նա­տու­նը բա­րե­կար­գե­լու հե­ռան­կա­րով: Գե­րեզ­մա­նա­տու­նը կ­՛ընդգր­կէ շուրջ 8 հա­զար քմ. տա­րածք, ուր կը գտնո­ւի նաեւ Գէորգ Չա­ւու­շի գե­րեզ­մա­նը: «Ար­մէնփ­րես»ի

Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը 2015 թո­ւա­կա­նի աշ­նան պի­տի հրա­տա­րա­կէ «­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­լո­ւածք­նե­րը Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ» օս­մա­նե­րէն եւ հա­յե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը, ուր ամ­փո­փո­ւած են հայ­կա­կան չորս Նո­ւի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րուն՝ Էջ­միա­ծի­նի եւ Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեանց, ինչ­պէս եւ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ու Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեանց պատ­կա­նող եւ Թուր­քիոյ տա­

altԱշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայէն ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի իր տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին մէջ ընդգրկելու նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ հաստատուած ռուս մեծահարուստ Գերման Սթերլիքովը:

altԼրագրող Արմէն Վարդանեան կը գրէ, թէ ռուս օփերայի երգչուհի Լիւպով Քազարնովսքայայի անունը դրուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղ տուած անոր այցելութենէն ետք: