Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ Լ.Ղ.Հ. ղեկավարը տեղեկութիւններ հաղորդած է Արցախի կեանքի, ձեռքբերումներու եւ առկայ խնդիրներու մասին, պատասխանած բարձրացուած հարցերուն: Բակօ Սահակեանի խօսքով` Մեծն Բրիտանիոյ հայկական համայնքը աշխոյժ դերակատարութիւն ունի թէ՛ Միացեալ Թագաւորութեան, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ պատմական հայրենիքի կեանքին մէջ: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է համայնքի ներկայացուցիչներուն հայրենասիրութեան եւ հարազատ ժողովուրդին նուիրուածութեան համար:
Քննարկուած են Բրիտանահայ համայնքի ու Արցախի միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Յուլիս 6ին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, աշխատանքային այցով մեկնած է Մեծն Բրիտանիա: Յուլիս 7ին նախագահ Սահակեան Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայ Համայնքային Խորհուրդի անդամներուն հետ եւ քննարկած տեղի հայ համայնքի ու Արցախի միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նոյն օրը Բ. Սահակեան Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցած է բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: