altԵ.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմս Ո­ւոր­լիք «­Թո­ւի­թըր» ըն­կե­րա­յին ցան­ցին վրայ գրած է, որ, Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կա­տա­րո­ւած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են աշ­խա­տե­ լու ­Ռու­սիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի հետ` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Տագ­նա­պի լուծ­ման հաս­նե­լու նպա­տա­կով: «Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն տե­ղե­կա­ցան, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են աշ­խա­տե­լու ­Ռու­սիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի հետ` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման հար­ցին շուրջ»,- նշած է Ո­ւոր­լիք: Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը 6 ­Յու­լի­սին դար­ձեալ «­Թո­ւի­թըր»ի ճամ­բով յայտ­նած էր, որ ­Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը գտնո­ւին Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մէջ` քննար­կե­լու հա­մար ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցը: