Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկը Յուլիս 12ին պիտի մասնակցի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի բացման արարողութեան: Այս մասին, ըստ News.amի, Յուլիս 7ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Անոր խօսքով‘ փառատօնի բացման ժամանակ պիտի ցուցադրուին բացառիկ նմոյշներ: «Օգոստոսի 1ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտում տեղի կ’ունենայ նոր պարբերականի շնորհանդէս, եւ կը կայանայ նոր աննախադէպ ցուցադրութիւն, որը կոչւում է «Հայկական մարզական կեանքը նախքան Ցեղասպանութիւնը»,- նշած է Դեմոյեան‘ աւելցնելով, որ ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Համահայկական Խաղերու օրերուն, որոնց մասնակցելու համար Հայաստան պիտի ժամանէ մօտ 400 մարզիկ: