«Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` այս մասին Յուլիս 8ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան: Աշխատութիւնը հետագային պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի:
«Կան նաեւ սեփականութեան վկայականներ, որոնք ժամանակին տրուել են Օսմանեան Թուրքիայում եկեղեցապատկան հողերի եւ կալուածների համար»,- ընդգծած է Ա. Վիրապեան:
Ազգային Արխիւի տնօրէնը կարեւոր համարած է փաստաթուղթերու հրատարակման արդիականութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ Թուրքիայի Սահմանադրական Դատարան ներկայացուած հայցի ծիրէն ներս, որմով կը պահանջուի օրինական տէրերուն վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանը: Վիրապեանի խօսքով` կը շարունակուի արխիւային փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը, որ սկսած է 2010 թուականին: «Այս տարի թուայնացուել է մօտ 100 հազար փաստաթուղթ, իսկ ընդհանուր` մօտ 1 միլիոն:
Իսկ արխիւում պահուող նիւթերի քանակը շուրջ 350 միլիոն է»,- նշած է բանախօսը` աւելցնելով, որ առաջնահերթ ուշադրութիւն կը դարձուի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնող փաստաթուղթերուն վրայ, որոնք են մարդահամարներու տուեալները, մարդոց ծագման, տոհմածառերու մասին նիւթերը, եկեղեցւոյ չափաբերական մատեանները` ծնունդ, կնունք: Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ միւռոնի եփման եւ օրհնութեան արարողութիւնը, որուն առիթով պիտի հրապարակուին նաեւ Ազգային Արխիւին մէջ պահուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին Հայոց Եկեղեցւոյ այդ գլխաւոր արարողութեան: