Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան, Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, առկայ խնդիրներուն եւ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու ուղղութեամբ հետագայ կարելի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խնդիրի համապարփակ լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութիւնը: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց 21-22 Մայիսին Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի լիակատար աջակցութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, ներառեալ` այդ երկիրներու նախագահներու մակարդակով 2009 թուականէն ի վեր կատարուած յայտարարութիւններուն: Հերպերթ Զալպեր ընդգծեց, որ Ռիկայի վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք ընդունուած հռչակագիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ ձեւակերպումները, իրաւամբ, արդար էին եւ ամբողջովին համարժէք իրավիճակին:
Ան վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն` շեշտելով, որ այդ ձեւաչափի պահպանման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: