Հարաւային Քորէայի Կուանկճու քաղաքին մէջ մեկնարկած 28րդ Համաշխարհային Ուսանողական Մարզական Խաղերուն՝ հայ մարմնամարզիկ Արթուր Թովմասեան նուաճած է առաջին մետալը:
«Հարաւային Քորէայում ընթացող 28րդ ունիւերսիատայում մենք նուաճեցինք առաջին մետալը‘ մեր մարմնամարզիկ Արթուր Թովմասեանը (օղակներ) նուաճեց ոսկի»,- իր Facebookեան էջին վրայ արձանագրած է Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի խօսնակ Զոհրապ Եկանեան:
Հարաւային Քորէայի Կուանկճու քաղաքին մէջ մեկնարկած Խաղերուն Հայաստան կը մասնակցի 22 հոգի կազմով խումբով‘ 12 մարզիկ, 6 մարզիչ, 2 մրցավար եւ 2 այլ ներկայացուցիչ: Հայաստանի Ուսանողական Մարզական Դաշնութիւնը 1995 թուականէն կը մասնակցի ուսանողական խաղերուն: Հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մրցի 6 մարզաձեւերու մէջ՝ սուսերամարտ, ճիւտօ, թաեքուոնտօ, սփորթային մարմնամարզութիւն, լող եւ թենիս: 28րդ Համաշխարհային Ուսանողական Մարզական Խաղերը պիտի աւարտին Յուլիս14ին: Հայաստանի ուսանողական մարզական դաշնութեան նախագահն է Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան: